image

Պոլիս. Տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի անուան մրցանակի յանձնման 10-րդ ամենամեայ արարողութիւն

Պոլիս. Տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի անուան մրցանակի յանձնման 10-րդ ամենամեայ արարողութիւն

Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է Հրանդ Տինքի անուան մրցանակի յանձնման 10-րդ ամենամեայ արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթը:

Դատական կազմին մէջ եղած է նաեւ յայտնի ռոք երգիչ Սերժ Թանքեանը:

Դատական կազմի ձայներու մեծամասնութեամբ մրցանակը յանձնուած է Մուրատ Չելիքանին, որ 1970-ականներէն մշտապէս պայքարած է յանուն մարդու իրաւունքներու եւ քանի մը անգամ բանտարկուած է ատոր համար:

Արտասահմանէն Հրանդ Տինքի մրցանակին արժանացած է Ռատիա ալ-Մութաւեքելը, որ Եմենի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան անդամ է:

Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին կ՛արժանանան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան
 
գործին մէջ ներդրում ունեցած անհատներ թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ արտասահմանեան քաղաքացիներ: