image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի Կալա-ընթրիքին 73 հազար տոլարի հանգանակութիւն

Լիբանանի «Վանայ Ձայն» ռատիօկայանի  Կալա-ընթրիքին 73 հազար տոլարի հանգանակութիւն

Հինգշաբթի, 13 սեպտեմբերի երեկոյեան, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի կալա-ընթրիքը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, պետական երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեանի, Ալեքսան Մաթոսեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, հայ թէ օտար հիւրերու, բարերարներու, բարեկամներու եւ ռատիոկայանի անձնակազմի անդամներու:

Ընթրիքին գեղարուեստական յայտագիրը ծաղկեցուց ջութակահար Լիւսի Չամսարեանը: Բացման խօսքով ներկաները ողջունեց «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմի անդամ Հուրի Փափազեան-Էմմիեանը: Ան ըսաւ, որ «Վանայ Ձայն»-ը սովորական ռատիոկայան մը չէ, այլ` վստահութեան կեդրոն մը, որուն կը դիմեն ունկնդիրներ ամէն տեսակ խնդրանքի, հարցումի, լուսաբանութեան, ուրախ թէ տխուր առիթներու` հաւատալով կայանին առաքելութեան: Ան աւելցուց նաեւ, որ այսօրուան աշխարհի նորութիւններուն հետ քայլ պահելու կողքին, «Վանայ Ձայն» վճռականօրէն կառչած կը մնայ իր սկզբունքներուն` մնալով արթուն պահակը անաղարտ հայ երգի եւ երաժշտութեան տարածման:

Այնուհետեւ, «Վանայ Ձայն»-ի ընտանիքին անունով խօսք առաւ Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, որ «Վանայ Ձայն» տարին 365 օր, օրը 24 ժամ կ՛ըլլայ մարդոց հետ, կ՛արժէ, որ մարդիկ, իրենց կարգին, տարուան մէջ օր մը, երկու ժամ ըլլան «Վանայ Ձայն»-ի հետ` բաժնեկիցը դառնալու համար անոր յաջողութիւններուն, նորութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Ան շեշտեց, որ շնորհիւ իր 32 տարուան գործունէութեան` «Վանայ Ձայն» կը ներկայացնէ համահայկական արժէք եւ կարեւորութիւն, որուն պէտք է գուրգուրալ անպայման: Առ այդ, ան դրուատեց կայանին մնայուն կերպով աջակցող աշխարհասփիւռ ունկնդիրները, բարեկամներն ու բարերարները, որոնց բոլորին ջանքերով «Վանայ Ձայն» կը գոյատեւէ եւ կը զարգանայ տարուէ տարի:

Խօսքերու եւ գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին յայտարարուեցան այս առիթով ռատիոկայանին կատարուած նուիրատուութիւնները, որոնց ընդհանուր գումարը հասաւ 73 հազար ամ. տոլարի: