image

Հալէպ. Մեկնարկած է Ս.Օ.Խ.-ի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական կեդրոնի վերաշինութիւը (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Մեկնարկած է Ս.Օ.Խ.-ի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական կեդրոնի վերաշինութիւը (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ, երէկ՝ 15 սեպտեմբերին, Ս.Օ. Խաչի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական կեդրոնի վերաշինութեան հանդիսաւոր մեկնարկը կատարուած է:

Վերաշինութեան աշխատանքներու մեկնարկի արաողութիւնը տեղի ունեցած է նախագահութեամբ Բերիոյ թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն, Ազգ. Վարչութեան, շրջանի պատկան մարմնին, ՀՕՄ-ի Կեդր. Վարչութեան անդամ' Աննա Տէր Յակոբեանին, Ս.Օ. Խաչի Շրջանային եւ մասնաճիւղերու Վարչութեանց, հոծ թիւով խաչուհիներու եւ շինարարական յանձնախումբին:
 

Այս յատուկ արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի փողերախումբը:

Նշենք, որ Ս.Օ.Խ.-ի կեդրոնը գտնուելով պատերազմող կողմերու միջեւ սահմանային գօտի հանդիսացող Նոր Գիւղին մէջ, բաւական լուրջ վնասներ կրած է պատերազմի տարիներուն, այդ իսկ պատճառով 2012-ին բաւական երկար ժամանակ փակ մնացած էր, աւելի ուշ, երբ քիչ մը ապահովական պայմանները ձեռնտու դարձած էին,  Ս.Օ.Խ.-ի դարմանատունը վերսկսած է իր ծառայութեան մատուցման: 29 մայիս 2014-ին,  երբ դարձեալ 5 օրերու տեւողութեամբ զօրաւոր ռմբակոծման թիրախ դարձած էր Նոր Գիւղը, վնասուած էր նաեւ Ս.Օ.Խ.-ի դարմանատունը եւ շէնքը  լուրջ վնասներ կրած էր:

Շրջան մը փակ մնալէ ետք, Ս.Օ.Խ.-ի վարչութիւնը վերսկսած է իր դարմանատան աշխատանքները Նոր Գիւղի «Կիլիկիա» շէնքին մէջ գտնուող բժիշկի մը անձնական դարմանատունէն ներս, որ տրամադրուած էր Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ: