image
Հրատապ լուրեր:

Ժան-Քլոտ Վան Տամը պիտի ժամանէ Երեւան

Ժան-Քլոտ Վան Տամը պիտի ժամանէ Երեւան

Comedy club փառատօնի շրջագիծէն ներս 15 սեպտեմբերին Երեւան պիտի ժամանէ աշխարհահռչակ հոլիուտեան դերասան Ժան-Քլոտ Վան Տամը: Ինչպէս «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած են  Comedy club  production-էն, աշխարհահռչակ դերասանը փառատօնի նախագիծի նկարահանումներու պաշտօնական հիւրն է:

Նկարահանումները պիտի իրականացուին 15-16 սեպտեմբերին «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի աջակցութեամբ: Այդ օրերուն Երեւան պիտի ըլլան նաեւ ռուսական շոու պիզնեսի ճանչցուած աստղեր:

Ժան Քլոտ Վան Տամը հոլիուտեան դերասան է, մարտարուեստի վարպետ՝ յայտնի իր էքշըն ժանրի մարտաֆիլմերով, որոնցմէ առաւել յաջողածներն են «Արիւնոտ սփորթը» (1988), «Քիքբռնցքամարտիկը» (1989), «Կրկնակի հարուածը» (1991), «Ունիվերսալ զինուորը» (1992), «Դժուար թիրախը» (1993), «Ժամանակի ոստիկանը» եւ այլն: