image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ 50,000 հազար տոլարով ծախու հանուած է հայկական պղձնեայ ափսէ մը (Լուսանկարներ)

Թուրքիոյ մէջ 50,000  հազար տոլարով ծախու հանուած է  հայկական պղձնեայ ափսէ մը (Լուսանկարներ)

Թուրքիոյ մէջ 50,000 տոլարով վաճառքի հանուած է հին հայկական պղնձեայ ափսէ, որ այս պահին, ըստ համացանցի մէջ առկայ տուեալներու, կը գտնուի Պոլսիյ տարածքին:

Անշարժ գոյքի վաճառքով զբաղուող թրքական ամենախոշոր կայքին մէջ վաճառքի յայտարարութիւնը տեղադրած անձը նշած է, որ ափսէն շուրջ 150 տարի կը գտնուի իր ընտանիքին մօտ, հազուագիւտ իրի աւելի վաղ շրջանի պատմութեան մասին տէրը որեւէ տեղեկութիւն չունի։

Հայտարարութեան հեղինակը նշած է, որ պատրաստ է գինի սակարկման՝ «տրամաբանութեան սահմաններու մէջ»։  Ան նաեւ նշած է, որ տունը ունին նմանատիպ եւս քանի մը հին իր, որոնք նոյնպէս պատրաստ են վաճառել։

Հրապարակման հեղինակը չէ մանրամասնած, թէ արդեօք իրենց ընտանիքն անմիջական կապ ունի ափսէի նախկին հայ տէրերուն հետ, կամ ուրկէ ու ինչ ճանապարհով ձեռք բերած են ցուցադրուած ափսէն։