image

Թուրքիոյ մէջ աւստրիացի լրագրող մը ձերբակալուած է. Աւստրիոյ վարչապետը բացատրութիւն կը պահանջէ

Թուրքիոյ մէջ աւստրիացի լրագրող մը ձերբակալուած է. Աւստրիոյ վարչապետը բացատրութիւն կը պահանջէ

12 Սեպտեմբերին, Անգարայի մէջ, ձերբակալուած է աւստրիացի լրագրող եւ սիւնակագիր Մաքս Զիրընկասթ, որ կ՛ամբաստանուի «ահաբեկչութեան» սատարելու եւ «քաղաքական հրապարակումներ» կատարելու յանցանքներով: Բացի աւստրիացի լրագրողէն, ձերբակալուած են նաեւ այլ լրագրողներ, որոնց ինքնութիւնը յայտնի չէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

«Re։volt» թերթը, որուն սիւնակագիրներէն մէկն է Զիրընկասթ, այս մասին գրած է. «Թուրքիա կը փորձէ բոլոր ընդդիմադիրներուն ձայնը լռութեան մատնել, սակայն՝ պիտի չյաջողի՛»:

Լրագրողը ձերբակալելու մասին լուրը աւելի ուշ հաստատուեցաւ նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, որ այդ մասին յստակացում պահան-ջեց Անգարայէն։

Իր կարգին, «Առանց սահմանի լրագրողներ» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Թուրքիոյ կոչ ըրաւ անյապա՛ղ ազատ արձակելու Զիրընկասթը:

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց նոյնպէս բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիայէն` աւստրիացի լրագրողի ձերբակալութեան գծով: Քուրց պահանջած է հիմնաւոր պատճառներ ներկայացնել ու բացատրել, թէ ի՛նչ հիմամբ լրագրողին տունը խուզարկուած է` առանց զգուշացման, եւ ինչո՞ւ Զիրնկասթ կը շարունակէ մնալ կալանքի տակ:

Աւստրիոյ վարչապետը նաեւ կոչ ուղղած է` անյապաղ ազատ արձակելու իր երկրի քաղաքացին:

 

Նշենք, որ Զիրընկասթ շարք մը յօդուածներ հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան մասին: