image

Պոլիս. Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակներու բաշխման 10-րդ ամեակ եւ խորհրդաժողով

Պոլիս. Հրանդ Տինքի անուան միջազգային մրցանակներու բաշխման 10-րդ ամեակ եւ խորհրդաժողով

Հրանդ Տինքի մահէն ետք, իր անունով հիմնուած հիմնարկին կողմէ կեանքի կոչուած՝ «Միջազգային Հրանդ Տինք մրցանակ»ներու բաշխումի արարողութիւնը, 10րդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը՝ 15 Սեպտեմբերին: «Լիւթֆի Քըրտար» մշակոյթի կեդրոնին մէջ կայանալիք այս մրցանակաբաշխութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ փարիզահայ «Քոլեկթիֆ մեծ պազար» երաժշտական խումբը:

Մրցանակաբաշխութեան 10րդ տարեդարձին առիթով, որոշուած է նաեւ կազմակերպել խորհրդաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն կեդրոնի դահլիճին մէջ, 14 Սեպտեմբերին: Խորհրդաժողովին բացումը պիտի կատարէ «Հարվըրտ» համալսարանի դասախօսներէն Քեթրին Սիկինք: Յաջորդաբար՝ ելոյթներ պիտի ունենան Քենեթ Ռոթ, Իսմայիլ Պեշիկճը, Շեպնեմ Քորուր Ֆինճանճը, Ալփեր Կէօրմիւշ, Ամիրա Հաաս, Ահմետ Ալթան, Էրճան Քեսեր, Ալպի Սահս, Ալի Պայրամօղլու, Թերեզա Քաչինտամոթօ, Ահմետ Ինսել եւ Տակլըս Ճանսըն:

Նախորդ տարիներուն, բացի անհատներէ՝ մարդկային իրաւունքի պաշտպանութեան գծով աշխատող կարգ մը հասարակական կազմակերպութիւններ եւս արժանացած են Հրանդ Տինքի անուան մրցանակին: Այդ պատճառով ալ, զեկուցողներու անուանացանկին մէջ կը տեսնենք նաեւ Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառը, «Մեմորիըլ» խմբակցութիւնը, «Շաբաթօրեայ Մայրեր»ը, պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը մերժող շարժումը եւ միասեռականներու իրաւունքները պաշտպանող «Քաոս»ը:

Ելոյթներով հանդէս պիտի գան նաեւ նախորդ տարիներուն նոյն մրցանակին արժանացած մտաւորականներ եւ դատակազմի անդամներ:

Չորս նիստերով նախատեսուած խորհրդաժողովին քննարկուող նիւթերն են՝ «Արդարութեան որոնում՝ ընդդէմ բոլոր դժուարութիւններու», «Բեւեռացուած աշխարհի մէջ լրագրողութեան եւ տեղեկութեան դերակատարութիւնը», «Հասարակական յիշողութիւն, իրողութեան որոնում եւ կամք» եւ «Մարդկային իրաւունքներու, ազատութեան ու հասարակութեան պաշտպանութիւն»:

Չորս նիստերէն ետք տեղի պիտի ունենան փակման զեկոյցներ: