image

25 տարի ետք Վանայ լիճը կրնայ ճահիճի վերածուիլ

25 տարի ետք Վանայ լիճը կրնայ ճահիճի վերածուիլ

Վանայ լիճին իսկական բնապահպանական աղէտ կը սպառնայ․ լիճը, ուր մէկ վայրկեանի մէջ 1.800 թոն կոյուղաջուր կը լեցուի, կրնայ 25 տարի անց ճահիճի վերածուիլ։ Այս մասին կ՛ահազանգէ թուրք բնապահպան Ալի Քալչըք, կը գրէ Gazeteduvar.com.tr կայքը:

Ըստ բնապահպանին` եթէ իշխանութիւնը որեւէ արտակարգ միջոց չձեռնարկէ, Վանայ լիճը պիտի բախուի բնապահպանական մեծ աղէտի:

Քալչըք նաեւ յայտնած է, որ բնապահպանական խնդիրներու պատճառով ամէն տարի լիճին մէջ կը սատկին հազարաւոր ձուկեր ու նաեւ Վանայ տառեխը, որ կը բազմանայ միայն Վանայ լիճի ջուրերուն մէջ:

Թրքական լրատուամիջոցին հետ զրոյցի ընթացքին բնապահպանը նշած է, որ լիճի ջուրը կը պղտորի ոչ միայն կոյուղաջուրերու, այլեւ այստեղ գործող ջրաելեկտարակայաններու եւ տեղի բնակիչներու ու զբօսաշրջիկներու թողած աղբի պատճառով, որ յաճախ չի հաւաքուիր ինքնակառավարան մարմիններուն կողմէ: