image
Հրատապ լուրեր:

Սուէյտա մեկնած երկու լիբանանցիներ անհետացած են

Սուէյտա մեկնած երկու լիբանանցիներ անհետացած են

«Սուէյտա 24» կայքին փոխանցմամբ, երկու լիբանանցի երիտասարդներ, որոնք Լիբանանէն Սուէյտա կը մեկնէին, նախանցեալ օր երեկոյեան անհետացած են:

Ֆիրաս Հսէյն Սայէղի եւ Պասէլ Նաիմ Ահմատիէի հետ կապը կտրուած է Դամասկոսէն դէպի Սուէյտա ուղեւորուելէն կարճ ժամանակ անց:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ անհետացած երիտասարդներուն ինքնաշարժը յայտնաբերուած է այնպիսի վայրի մը մէջ, ուր զինեալ ահաբեկիչներ կը գտնուին:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Դամասկոս - Սուէյտա մայրուղին մեծ թիւով առեւանգումներու ականատես եղած է: