image

Գանատա. Մահացած է հալէպահայ Ալին Տէքրմէնճի Խաչատուրը

Գանատա. Մահացած է հալէպահայ Ալին Տէքրմէնճի Խաչատուրը

Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է 34-ամեայ Ալին Տէքրմէնճի Խաչատուրը: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն: 

Հանգուցեալը վերջին ամիսներուն  կը պայքարէր ծանր հիւանդութեան դէմ,  որուն հետեւանքով ալ փակեց իր աչքերը:

Նշենք, որ Հալէպ ծնած Ալին Տէքրմէնճին Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով վերջին տարիներուն ընտանիքին հետ տեղափոխուած էր Գանատա: Ան ամուսնացած էր, ունէր մէկ որդի: