Երեւանի մէջ, 23 օգոստոսին, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Սօսի Կարապետեան Ճանէրեանը (Ծնեալ՝ 1970-ին, Հալէպ): «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:
48-ամեայ Սօսին Հալէպէն Երեւան փոխադրուած է երկու տարի առաջ, իր երեք զաւակներուն հետ, երեքն ալ անչափահաս:
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 օգոստոսին, ժամը 4:00-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Մալաթիա):
Իսկ Հալէպի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի 27 օգոստոսին, ժամը 3:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: