image

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Սօսի Կարապետեան Ճանէրեանը

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Սօսի Կարապետեան Ճանէրեանը

Երեւանի մէջ, 23 օգոստոսին, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Սօսի Կարապետեան Ճանէրեանը (Ծնեալ՝ 1970-ին, Հալէպ): «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն:

48-ամեայ Սօսին Հալէպէն Երեւան փոխադրուած է երկու տարի առաջ, իր երեք զաւակներուն հետ, երեքն ալ անչափահաս: 

Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 օգոստոսին, ժամը 4:00-ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Մալաթիա): 

Իսկ Հալէպի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի 27 օգոստոսին, ժամը 3:00-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: