image

Գանատայի մէջ իր մահկանացուն կնքած է անուանի ՀՄԸՄ-ական մարզիկ Սերոբ Մերթխանեանը

Գանատայի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է  անուանի   ՀՄԸՄ-ական մարզիկ Սերոբ Մերթխանեանը

Գանատայի  մէջ իր մահկանացուն կնքած է  հալէպահայ անուանի   ՀՄԸՄ-ական  մարզիկ  Սերոբ Մերթխանեանը։

Այս մասին տեղեկութիւն  ստացանք  հանգուցեալի   հարազատներէն։

Հանգուցեալը      երկար  տարիներ        հանդէս  եկած է  ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ֆութպոլի  խումբին   շապիկով՝  դառնալով  խումբի   լաւագոյն խաղացողներէն մին։

Ան  ծնած էր 1946 թուականին  եւ փոքր տարիքէն անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի շարքերուն որպէս գայլիկ։

Աւելի ուշ    Ֆութպոլի  հանդէպ  իւրայատուկ  սէր ունեցող     Սերոբը  միութենական իր կեանքը սկսած է սկաուտական Արամազդ խումբին մէջ, որմէ ետք փոխանցուած է Համազասպ խումբ: 1965-ին առաջին անգամ ըլլալով ան իր մասնակցութիւնը կը  բերէ  ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական կազմին, ուր որպէս խաղացող ծառայած է  տասը տարիներ եւ որոշ շրջան մը ստանձնած խմբապետի պաշտօն: 1972-1973 թուականներուն հրաւիրուած է Սուրիոյ հաւաքական, ինչպէս նաեւ զինուորական շրջանին մաս կազմած է Սուրիոյ բանակի ֆութպոլի խումբին: Ութը տարիներ մաս կազմած է Հալէպի ֆութպոլի հաւաքականին: 2003-ին Սերոբ Մերթխանեան  արժանացած է ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ծառայութեան շքանշանին:

Հանգուցեալին   յուղարկաւորութիւնն ու թաղման   կարգը  պիտի կատարուին յառաջիկայ   օրերուն    Գանատայի  Լավալ  քաղաքին մէջ։

Այս  տխուր աթիւ  «Արեւելք»  կը ցաւակցի  հանգուցեալի հարազատներուն  եւ յատկապէս     անոր հարազատ՝ Տիկն.  Մարի Մերթխանեան-Եարալեանին։