image

Միրէյ Պոյաճեան Լիբանանի փինկ-փոնկի ախոյեան

Միրէյ Պոյաճեան Լիբանանի փինկ-փոնկի ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած են Լիբանանի փինկ փոնկի 21 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները:

ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կազմող Միրէյ Պոյաճեան հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան` աւարտականին 3-0 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով Փերլա Մանսուրի դէմ (Մոն լա Սալ):

Կիսաւարտականին ան 3-1 արդիւնքով յաղթած է Միներվա Ապպուտի (Շարթիէ Տար Նութ):