image

Անվճար համացանցային ծառայութիւն Մեքքա այցելող ուխտաւորներուն համար

Անվճար համացանցային ծառայութիւն Մեքքա այցելող ուխտաւորներուն համար

Սէուտական Արաբիոյ Կապի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մեքքա ժամանած 2 միլիոն ուխտաւորներէն իւրաքանչիւրին 1GB համացանցային փաթեթներ պիտի յատկացուին:

Սէուտական «Ուաս» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, անվճար համացանցային ծառայութեան նախաձեռնութեան հեղինակները թագաւոր Սալման Պըն Ապտ Ալ Ազիզ եւ գահաժառանգ Մուհամմատ Պըն Սալման են:


Նուիրուած փաթեթները պիտի գործեն 48 ժամ, նպատակ ունենալով դիւրացնել ուխտաւորներու կապը իրենց հարազատներուն հետ, առաւել յարմարաւէտ դարձնելով ուխտագնացութեան արարողութիւնը: