image
Հրատապ լուրեր:

Իսլամական Ատհա տօնին ընդառաջ գնային օրինախախտումներ Դամասկոսի մէջ

Իսլամական Ատհա տօնին ընդառաջ գնային օրինախախտումներ Դամասկոսի մէջ

Սուրիոյ մէջ անուշեղէնի, ուտեստեղէնի եւ հագուելիքի գիները կտուկ աճած են տօնական օրերուն, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, Դամասկոսի որոշ շրջաններու մէջ տօնական անուշեղէնի 1քմ-ի գինը գերազանցած է 20 հազար սուրիական լիրան, մինչդեռ Սպառողի շահերու պաշտպանութեան վարչութեան նախագահ Մուհամմատ Պաղի համաձայն, սահմանուած գինը 7000 է: 


«Ալ Ուաթան» թերթին հետ զրոյցի ընթացքին Պաղ յայտնած է, որ տօնական օրերուն շուկաներու մէջ իրականացուող հսկողութիւնը խստացուած է, եւ իւրաքանչիւր խախտման դէմ համապատասխան միջոցներ պիտի ձեռնարկուին:


Միւս կողմէ շարք մը քաղաքացիներ բողոք բարձրացուցած են երեխաներու հագուելիքի գիներու անբնական աճին դէմ, դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր երեխայի համար մէկ կտոր հագուստեղէնի գինը 15 հազար սուրիական լիրայէն աւելի է, հետեւաբար ընտանիքի բոլոր զաւակներուն համար տօնական հագուելիք առնելու համար նուազագոյնը 60 հազար լիրա պէտք է ծախսել: