image

ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղ Վանգուվըրի մէջ (Լուսանկարներ)

ՀՄԸՄ-ի նոր մասնաճիւղ Վանգուվըրի մէջ (Լուսանկարներ)

ՀՄԸՄի 100-ամեայ յոբելեանի նորագոյն նուէրը հանդիսացաւ Գանատայի Վանգուվըր քաղաքի մէջ հիմնուած նոր մասնաճիւղը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Հորիզոն»-ը։

Արդարեւ, Շաբաթ, 18 Օգոստոսին, հովուական այցելութեամբ Վանգուվըր ժամանած Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան արարողութեան եւ օրհնեց ՀՄԸՄ-ի դրօշակը։ Հիմնադրման արարողութեան ընթացքին յաջորդաբար իրենց խօսքերը փոխանցեցին ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մոսիկ Թօփուզեան եւ ՀՄԸՄի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ քոյր Լէոնի Սարմազեան։ Հանդիսութեան ընթացքին ՀՄԸՄի դրօշը յանձնուեցաւ մասնաճիւղի անդամներուն։

Հիմնադրութեան արարողութենէն ետք կայացած ժողովրդային նուիրահաւաքի ընթացքին 30 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ նոր արմատաւորուած մասնաճիւղի յառաջիկայ աշխատանքներուն։


 

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper

Horizon Weekly Newspaper