image

«Անպատշաճ» համարուած հագուկապին հետեւանքով սէուտցի կին հաղորդավարը հրաժարական տուած է (Տեսանիւթ)

«Անպատշաճ» համարուած հագուկապին հետեւանքով սէուտցի կին հաղորդավարը հրաժարական տուած է (Տեսանիւթ)

Մօտ ամիս մը առաջ անպատճաշ արտաքինով դուրս եկած ըլլալու համար հանրութենէն ներողութիւն խնդրած սէուտցի հաղորդավար Շիրին Ռիֆաաի որոշած է հրաժարական ներկայացնել, կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

«Ալ Աան» հեռուստակայանի հաղորդավար Շիրին Ռիֆաաիի դէմ պայքարը ծայր առած էր այն պահուն, երբ ընկերային կայքերու վրակ տեսագրութիւն մը տարածուած էր, ուր վերջինս իր հաղորդումներէն մէկուն ժամանակ սէուտցի կնոջ անյարիր հագուկապով նկարահանուած էր:
Դէպքէն ետք հաղորդավարը հարցաքննութեան կանչուած էր, իսկ երկրի Տեղեկատուական գլխաւոր յանձնաժողովը վերջինիս արարքը օրինազանցութիւն որակած էր: