image

Յետպատերազմեան Հալէպ. Հայր մը բռնաբարած է իր 12-ամեայ դստերոջ

Յետպատերազմեան Հալէպ. Հայր մը բռնաբարած է իր 12-ամեայ դստերոջ

Հալէպի մէջ ոստիկանութիւնը տղամարդ մը ձերբակալած է այն պահուն, երբ վերջինս իր 12-ամեայ դուստրը կը բռնաբարէր:

Ոստիկանութեան ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին հրապարակուած գրառման համաձայն, ուրբաթ, 17 յուլիսին երկու անչափահաս քոյր ոստիկանութիւն դիմելով պատմած են, թէ իրենց 36-ամեայ հայրը իր երրորդ դստեր հետ ուղեւորուած է խրճիթ մը, ուր վայրենաբար յարձակած է անոր վրայ:
Անմիջապէս դէպքի վայր մեկնած ոստիկանները յանցագործութեան պահուն ձերբակալած են գինով վիճակի մէջ գտնուող տղամարդը:
Հարցաքննութեան ժամանակ տղամարդը խոստովանած է, որ սրտի հիւանդութեամբ տառապող կնոջմէն գաղտնի, տարիներ շարունակ բռնաբարած է իր երեք անչափահաս դուստրերը: