image
Հրատապ լուրեր:

Համշէնի հայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին

Համշէնի հայերէնը  վտանգուած  լեզուներու  շարքին

«UNESCO»-ն Թուրքիոյ մէջ վտանգուած լեզուներու ցուցակ հրապարակած է, որուն համաձայն՝ 11 լեզուներ անհետացման եզրին են։ Ցուցակին մաս կը կազմեն Տրապիզոնի խօսուող պոնտոսեան յունարէնը, Արթուինի Հոփա շրջանին մէջ խօսուող հայերէնի իւրայատուկ բարբառներէն մէկը՝ համշէնահայերէնը, Չամլըհեմշինի մէջ առաւելապէս տարեցներու կողմէ օգտագործուող լազերէնը, Էտիրնէի տարածաշրջանին մէջ տարեցներու մէջ խօսուող գնչուական լեզուն, դարձեալ Էտիրնէի մէջ խօսուող կակաուզերէնը եւ Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս շուրջ 5-6 հազար անձերու կողմէ գործածուող սեֆարտերէնը:

 

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը խօսած է անհետացման եզրին գտնուող գրեթէ բոլոր այս լեզուներու ներկայացուցիչներու հետ:

 

Համշէնահայերէն խօսողները հիմնականօրէն կը բնակին Արթուինի Հոփա շրջանին մէջ: Հոփայի Քեմալփաշա աւանին մէջ կը բնակին համշէնահայ Այշէ Ալկիւրը, իր զաւակին եւ հարսին հետ: Անոր միւս զաւակները տեղափոխուած են մեծ քաղաքներ:

 

«Երբ ես ծնայ, հոս հայեր չկային: Անոնք գացած էին, բայց իրենց լեզուն մնացած էր: Աչքս բացի՝ համշէնահայերէն լսեցի, մեծցայ՝ թրքերէն սորվեցայ»,- կը պատմէ Այշէն:

 

Քեմալփաշայի մէջ համշէնահայերէնը հիմնականօրէն տարեցներու կողմէ կը խօսուի, իսկ երիտասարդները թրքերէն կը խօսին: Տարեց համշէնցիներու մահով համշէնահայերէն խօսողներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի:

 

Այշէ Ալկիւրի դրացի Կիւնայ Շերեմեթ միայն մասամբ կը տիրապետէ համշէնահայերէնին, իսկ անոր 5 եւ 7 տարեկան երեխաները, կը հասկնան համշէնահայերէն, բայց չեն խօսիր: Շերեմեթ կը պատմէ, որ ամէն ձեւով փորձած է երեխաներուն համշէներէն սորվեցնել, բայց որովհետեւ թէ՛ բակին եւ թէ դպրոցին մէջ իշխող լեզուն թրքերէնն է, երեխաները արագօրէն կը մոռնան համշէնահայերէնը: