image

Կողոպուտի տարօրինակ դէպք Լիբանանի մէջ (Տեսանիւթ)

Կողոպուտի տարօրինակ դէպք Լիբանանի մէջ (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան «Ուր է պետութիւնը» ֆէյսպուքեան էջը տեսագրութիւն մը տարածած է, յայտնելով, թէ այն նկարուած է Անթիլիասի մայրուղիին վրայ:
Մեկնաբանութեան մէջ նշուած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է նախանցեալ երեկոյեան, ժամը 7-ին:

Տեսագրութեան մէջ նկատելի է խումբ մը երիտասարդներու կողմէ վարուող ինքնաշարժ մը, որ մարդատար հանրակառք մը կը հետապնդէ, այնուհետեւ հասնելով անոր կ՛առեւանգեն ուղեւորներէն մին:

Երիտասարդները ծեծի կ՛ենթարկէն ու կը կողոպտեն հանրակառքի առեւանգուած ուղեւորն ու ի վերջոյ ազատ կ՛արձակեն զինք: