image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի մէջ «WhatsApp»ի միջոցով հարցաքննութեան հրաւէր

Լիբանանի մէջ «WhatsApp»ի միջոցով հարցաքննութեան հրաւէր

Լիբանանի մէջ ելեկտրոնային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակը նոր անուն աւելցուցած է հարցաքննութեան հրաւիրուող աքթիւիստներու ցուցակին:


«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, աքթիւիստ Ուատիհ Ասմար ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում մը տեղադրած է, ուր յայտնած է, թէ ելեկտրոնային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակը զինք հարցաքննութեան հրաւիրած է, սակայն աննախադէպ երեւոյթն այն է, որ վերջինս հրաւէրը ստացած է «WhatsApp» յաւելուածի միջոցով:


Պատճառներուն անդրադառնալով աքթիւիստը նշած է, որ ինք երկու շաբաթ առաջ երբ տեղեկացած էր աքթիւիստներու հարցաքննութիւններու մասին, գրառումով մը դիմած էր ելեկտրոնային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակին, յայտնելով, որ ինք երկրէն դուրս կը գտնուի, եւ եթէ զինք հրաւիրելու նպատակ ունենան, կրնան «WhatsApp»ով կապուիլ իր հետ:


Նշենք, որ տեղի ունեցածը ընկերային կայքերու օգտատէրերու մօտ ծաղրի ալիք բարձրացուցած է: