image

Ոչ եւս է Սաատ Ալ Տին Տապպուսը. Ան Լիբանանի առաջին օդաչուն էր

Ոչ եւս է Սաատ Ալ Տին Տապպուսը. Ան Լիբանանի առաջին օդաչուն էր

Լիբանանեան «Middle East» օդանաւի ընկերութեան առաջին լիբանանցի օդաչուն, որուն աշխատանքային քարտը 1 թիւը կը կրէր, 93 տարեկանին կեանքէ հեռացած է, կը յայտնէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Սաատ Ալ Տին Տապպուս 1947 թուականին աշխատանքի ընդունուած է «Middle East» ընկերութեան մօտ: Այդ օրերուն օրուայ նախագահ Սայէպ Սալամ օդաչուներու պատրաստման դասընթացքներ յայտարարած է լիբանանցիներու համար, նկատի ունենալով, որ ընկերութեան օդաչուները բացառապէս ֆրանսացի, ամերիկացի եւ բրիտանացի էին:

Դասընթացքներուն հետեւելէ ետք Սաատ Ալ Տին Տապպուս, որպէս առաջնակարգ ուսանող, ուղարկուած է Գահիրէ, ուսումը կատարելագործելու, այնուհետեւ՝ Բրիտանիա:

4 տարիներու ընթացքին 5000 ժամ որպէս օդաչուի օգնական գործունէութիւն ծաւալելէ ետք, վերադարձած է երկիր, իրականութիւն դարձնելու իր մանկութեան երազը:

Սաատ Ալ Տին Տապպուս 33 տարուայ ընթացքին աւեի քան 26 հազար ժամ թռիչք գրանցած է:

Մեծ տպաւորութիւն ձգած է մանաւանդ ուսումնական տարիներուն իրեն դասաւանդած դասախօսներու մօտ, շնորհիւ իր հմտութեան եւ ուշիմութեան: