image

8 տարուան բացակայութենէ ետք յաջողութեամբ պսակուեցաւ ՀՄՄ-ի Քեսապի բանակումը

8 տարուան բացակայութենէ ետք յաջողութեամբ պսակուեցաւ ՀՄՄ-ի  Քեսապի բանակումը

Հալէպի Հայ Մարմնամարզական Միութիւնը (ՀՄՄ) մեծ յաջողութեամբ կայացուցած է իր ամառային բանակումը Քեսապի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Քեսապէն։

Մեր աղբիւրը նշեց, որ 3-էն 13 օգոստոսին բանակումը տեղի ունեցած է Քեսապի Քարատուրան շրջանի ՀՄՄ-ի բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ՝ տասնեակ սկաուտ-արենուշներու, որոնք յատուկ այս առիթով Հալէպէն հասած էին Քեսապ։

Շաբաթ օր սկաուտական խորհուրդի կազմակերպած խրախճանքին խորհուրդին կողմէն բացման խօսքը արտասանած է ընկ. Գէորգ Տաղլեան, ապա խօսք առած է ՀՄՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի ատենապետ ընկ. Վահէ Տաքէսեանը, որ այս առթիւ դրուատիքով խօսած է բանակումի կազմակերպչական աշխատանքները իրականացուցած յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն։

Ան նաեւ ըսած է,որ ութ տարուան բացակայութենէ ետք այս բանակումը կու գայ վերահաստատելու ՀՄՄ-ականներու անկոտրում կամքն ու ոգին ու հաւատքը հանդէպ Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան։

Կիրակի օր բանակողները կատարած են աւանդական խարուկահանդէս, որուն  ընթացքին ներկայ սկաուտներն ու արենուշները ներկայացուցած են յաւուր պատշաճի ելոյթներ։

 

Խարուկահանդէսի ընթացքին ՀՄՄ-ի անունով պատուոյ շնորհակալագրեր յանձնուեցան Քեսապի քաղաքապետ՝ Տիար Վազգէն Չափարեանին, Լաթաքիոյ հայկական համայնքի պատասխանատուներէն՝ Կարէն Մուրատեանին։

Յաջորդ օրը բանակողները մասնակցած են սկաուտական տողանցքի եւ կանգ առած Քեսապի անվտանգութեան մարմնի գլխաւոր կեդրոնին դիմաց, ուր հնչեցուցած են ազգային երգեր, որպէս երախտիք Քեսապի ապահովութիւնը ստանձնած մարմիններուն։

Բանակումը անցած է մեծ յաջողութեամբ եւ մասնակից ՀՄՄ-ականները բարձր ու խանդավառ ոգիով վերադարձած են իրենց շրջանները։