image

Մահացած է Վրէժ Ամսէեանը. Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ նուիրեալը

Մահացած է  Վրէժ Ամսէեանը. Տէր  Զօրի  հայկական  եկեղեցւոյ նուիրեալը

Երեւանի  մէջ  իր մահկանացուն կնքած է Վրէժ Երուանդ Ամսէեանը։  Այս  մասին  «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  հանգուցեալի   բարեկամներէն։ 

Սուրիոյ   Տէր   Զօր  քաղաքին   մէջ ծնած   Վրէժ  կը սերի    Ամսէեաններու   ընտանիքէն, որ երկար  տարիներ     մասնակից դարձած է  Տէր   Զօրի ազգային կեանքին։

Կը փոխանցուի նաեւ, որ հանգուցեալ  Վրէժ   անձամբ կը հսկէր  եկեղեցւոյ  ապահովութեան եւ ձեռնամուխ կ՚ըլլար  ու  կ՚օժանդակէր   եկեղեցւոյ  թաղականութեան  կարիքներուն։

Հանգուցեալը  Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով փոխադրուած  ու հաստատուած էր Երեւան, ուր      կարճատեւ   հիւանդութեան հետեւանքով կը կնքէր  իր մահկանացուն՝  51 տարեկանին։ Վրէժի      յուղարկաւորութեան եւ թաղման   արարողութիւնը պիտի  կատարուի  վաղը՝   15 օգոստոսին     Երեւանի   Զօրաւոր  Սուրբ  Աստուածածին եկեղեցւոյ  մէջ։