image

«Անիծուի'ս, անբուժելի' հիւանդութիւն». Սուրիացի անուանի դերասանուհի Շուքրան Մուրթաճայի գրառումը

«Անիծուի'ս, անբուժելի' հիւանդութիւն». Սուրիացի անուանի դերասանուհի Շուքրան Մուրթաճայի գրառումը

Սուրիոյ Առաջին Տիկնոջ հիւանդութեան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ ու հազարաւոր արձագանգներու արժանացաւ:

Բազմաթիւ արուեստագէտներու շարքին, սուրիացի դերասան Շուքրան Մուրթաճա նոյնպէս իր յուզիչ ու յուսադրող գրառմամբ անդրադարձած է հարցին:

Մուրթաճա զուգահեռ ստեղծելով երկրի հիւանդագին վիճակին ու Ասմաայի հիւանդութեան միջեւ շեշտած է, որ երկրի Առաջին Տիկինը պիտի բուժուի այնպէս, ինչպէս պիտի բուժուի երկիրը, շնորհիւ իր համբերութեան, զոհողութիւններուն եւ հաստատակամութեան:

«Անիծուի'ս, անբուժելի' հիւանդութիւն»,- բառերով Շուքրան Մուրթաճա աւարտած է իր գրառումը: