image

Պուլտուքեան ամոլը հովանաւոր «Ասպարէզ» օրաթերթի 110-ամեակի ձեռնարկներուն

Պուլտուքեան ամոլը հովանաւոր «Ասպարէզ» օրաթերթի 110-ամեակի ձեռնարկներուն

«Ասպարէզ» օրաթերթը կը գրէ. «Թերթիս տարիներու բարեկամներ եւ զօրակցողներ տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեաններ, ընդառաջելով խմբագրութեանս դիմումին՝ սիրով դարձան «Ասպարէզ»ի 110ամեակի ճաշկերոյթի հովանաւորներէն մէկը, թերթիս նուիրելով 10,000 տոլար:

Մարտիկ Պուլտուքեան կարեւոր ներդրում ունի Հոլիվուտի հայ համայնքին մէջ: Ան ատենապետն է Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան:

Մարտիկ եւ Նորա Պուլտուքեանները այսպիսով կը միանան «Ասպարէզ»ի 110ամեակի ճաշկերոյթի հովանաւորներ Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեաններուն, որոնք նաեւ ընդառաջած էին խմբագրութեանս դիմումին եւ դարձած ճաշկերոյթի հովանաւորներ:

«Ասպարէզ»ի 110րդ յոբելենական ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահը»: