image

Լիբանանի ՀԵԸ-ը փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց «Սքութ Տէ Լիպան»ի մրցանքներուն

Լիբանանի ՀԵԸ-ը փայլուն արդիւնքներ արձանագրեց «Սքութ Տէ Լիպան»ի մրցանքներուն

«Սքութ տիւ Լիպան»ի հովանաւորութեամբ՝ Սեն Ժոզէֆ  դպրոցի ակումբին մէջ, իւրաքանչիւր չորս  տարին անգամ մը կայացող Բարիկամեցողութեան խաղերը (Goodwill Games), ընդհանրապէս  ծանօթ են իբրեւ սկաուտական աշխարհի  Ողիմպիական խաղերը:

«Սքութ տի Լիպան»ի անդամ  հարիւրաւոր սկաուտական եւ երէցական խումբեր կը մասնակցին  Սեն Ժոզէֆ դպրոցի կազմակերպած «Բարիկամեցողութեան խաղեր»ուն: Մօտաւորապէս 4000 սկաուտներ մասնակցեցան Բարիկամեցողութեան եօթներորդ խաղերուն:

ՀԵԸի Անթիլիասի «Անդրանիկ»ը բաւական լուրջ  նախապատրաստութիւններ տեսաւ սոյն խաղերուն համար։

Խաղերը տեղի կ՛ունենան  տարիքային համեմատութեամբ եւ կ՛ընդգրկեն տարբեր մարզաձեւեր:

Սոյն խաղերու եզրափակիչներէն առաջ կայացան զտման հանգրուանի մրցումները, իսկ եզրափակիչները տեղի ունեցան 1էն 5 Օգոստոս , Սեն Ժոզէֆի Ըրնեթ Շահուանի մարզադաշտերուն  մէջ:

ՀԵԴի Անթիլիասի «Անդրանիկ»ի սկաուտները հասան ֆութպոլի, գունդի, պասքեթպոլի, ձեռնագնդակի եւ վոլիպոլի եզրափակիչներուն, իսկ երէցները՝  ֆութպոլի, սեղանի թենիսի, ոստումի, հեծելարշաւի եւ պասքեթպոլի  եզրափակիչներուն:

ՀԵԸի Անթիլիասի «Անդրանիկ»ի սկաուտները եւ երէցները նաեւ մասնակցեցան անհատական մրցումներուն՝ սեղանի թենիս, ձեռնագնդակ, «Շոթ Փութ», վազք, հեծանիւ, ոստում, լողարշաւ եւ այլն:

ՀԵԸի Անթիլիասի «Անդրանիկ»ի սկաուտները եւ երէցները նուաճեցին 13 մետալներ (երեք խմբային՝ մէկ ոսկի, երկու՝ արծաթ) եւ տասը անհատական (մէկ ոսկի, չորս՝ արծաթ եւ հինգ պրոնզ):