image

«Սուրիոյ վարդը». Ինչ անդրադարձ ունեցանմՄիջազգային ԶԼՄ-ները Ասմա Ասատի հիւանդութեան լուրին մասին

«Սուրիոյ վարդը». Ինչ անդրադարձ ունեցանմՄիջազգային ԶԼՄ-ները Ասմա Ասատի հիւանդութեան լուրին մասին

Միջազգային մամուլը ցաւով անդրադարձած է Սուրիոյ առաջին տիկնոջ՝ Ասմաա Ասատի հիւանդութեան, շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վերջինիս:

Գերմանական «Der Spiegel» ամսագիրը յայտնած է, որ օրեր անց Ասմաա Ասատ պիտի նշէ իր ծննդեան 43-րդ տարեդարձը, եւ անոր մօտ չարորակ ուռուցք յայտնաբերուած է, եւ ներկայիս ռազմական հիւանդանոցը կը ստանայ անհրաժեշտ բուժումը:

Ամսագիրը անդրադարձած է Տիկին Ասատի կեանքի առաջին հանգրուաններուն, նշելով, որ ան իր կեանքի առաջին 25 տարին ապրած է Բրիտանիա, ուր նաեւ հանդիպած է ուսման նպատակով այնտեղ գտնուող Պաշշար Ասատի հետ:

Ամսագիրը դիտել տուած է, որ Ասմաա Ասատ դրական դեր ունեցած է Սուրիոյ պատերազմի օրերուն: Ան այն «գեղեցիկ դէմք»ն էր, որ 7 տարիներէ ի վեր կ'ուղեկցի իր ամուսնոյն թէ' երկրին մէջ, թէ' երկրէն դուրս:

Բրիտանական «Daily Mail» թերթը «Սուրիոյ վարդը» կոչած է Ասմաա Ասատը, յիշելով անոր բազմաթիւ մարդասիրական գործունէութիւնները, որոնց թուին են պատերազմին զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն աջակցիլը, որբերուն համար գիշերօթիկ դպրոցներ հիմնելը, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդներու օտար երկիրներու մէջ կրթութիւն ստանալն ապահովելը:

Թերթը նշած է, որ Ասմաա Բրիտանիա ապրած տարիներուն Էմմա անունով ճանչցուած էր, եւ ընկերներու շրջանակին կողմէ մեծ սէր ու յարգանք կը վայելէր: