image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Իր մահկանացուն կնքած է հայ արմատներ ունեցող բժիշկ Ֆարէս Կարապետը

Հալէպ. Իր մահկանացուն կնքած է   հայ արմատներ ունեցող  բժիշկ  Ֆարէս  Կարապետը

 Հալէպէն  ստացանք  բօթ մը։ «Արեւելք»ի   Հալէպի աղբիւրին փոխանցմամբ    իր մահկանացուն կնքած է        հանրայայտ  բժիշկ   Ֆարէս Նատէր  Կարապետը։

  Մեր աղբիւրը  նաեւ   նշեց, որ  բժիշկը, որպէս  վարպետ  վիրաբոյժ  երկար տարիներ աշխատած էր   Հալէպի  «Սալլում»  հիւանդանոցին մէջ։ Ան  նաեւ ունէր իր սեփական դարմանատունը    Սուլայմանիյէ   թաղամասին մէջ։

Որպէս  ազնիւ  անձնաւորութիւն եւ  մասնագէտ   վիրաբոյժ   հայկական  արմատներ ունեցող բժիշկ  Ֆարէս   Կարապետը   եղած է  յարգուած    անձնաւորութիւն  Հալէպի հայ, թէ       տեղացի  շրջանակներուն   համար։