image

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը նոր անձնագիրներ թողարկած է

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը նոր անձնագիրներ թողարկած է

Սուրիոյ հիւսիսային՝ ընդդիմադիրներու տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ վերջիններս Թուրքիոյ աջակցութեամբ անձնագիրներ սկսած են թողարկել, նպատակ ունենալով առաւել հաստատել իրենց իշխանութիւնը այդ շրջաններուն մէջ:

«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, պատերազմի օրերուն իրենց պաշտօնական փաստաթուղթերը կորսնցուցած քաղաքացիներէն շատերու համար նման նախաձեռնոթիւնն իրենց ինքնութիւնը վերականգնելու միջոց կը համարուի, կարողանալու համար որեւէ պաշտօնական կնքուած փաստաթուղթով իրենց բնականօն կեանքին վերադառնալ:

Աղբիւրը կարծիք յայտնած է նաեւ, որ թրքերէն թարգմանութիւն կրող եւ Թուրիոյ մէջ արտադրուած անձնագիրները կ'արտացոլեն Անգարայի ազդեցութիւնը նշուած տարածքներուն մէջ եւ կը դժուարացնեն Ասատի զօրքերուն կողմէ անոնց ազատագրման գործողութիւնը: