image

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցները կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումի մասնակիցները կ’այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր

19-29-ը Յուլիսին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ բանակումը, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած շուրջ 3000 ՀՄԸՄ-ականներ:

Յուլիս 20-ին բանակումի մասնակիցները կ՛այցելեն Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, յուշահամալիրին մէջ տեղի կ՛ունենայ Դրօշակի, եղեւնիի տնկման արարողութիւն, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու շիրիմներէն բերուած հողի սափորները սկաուտները կը զետեղեն հողին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներու յուշակոթողին ծաղիկներ խոնարհելէ ետք  տեղի կ՛ունենայ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի Անմար կրակի եւ 3 ջահերու կրակի միացում:

Հոգեհանգստեան կարգէն ետք  ներկաները կ’ուղեւորուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր կը կատարուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած ժամանակաւոր ցուցահանդէսի բացումը: