image

Այնճար. Տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-18 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը

Այնճար. Տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-18 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը

Այնճարի Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-18 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ՝ Ուրբաթ 29 Յունիս  2018-ի, կ.ե. ժամը 6:30՝ վարժարանի շրջափակէն ներս:

Հանդէսը ընթացք առաւ 2017-2018 տարեշրջանի 6րդ եւ 12րդ դասարաններու շրջանաւարտներու մուտքով՝ որոնք բեմ բարձրացան իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէն Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեանի առաջնորդութեամբ: Շրջանաւարտները բեմին վրայ զետեղեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները ներկայացնելով Հանդէսի Դեման՝ Անկախութիւն Լիբանանի (75 Ամեակ) եւ Հայաստանի (100 Ամեակ):

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք՝ Աստուծաշունչի ընթերցումը կատարեց Վերապատուելի Հրայր Չոլաքեան՝ որմէ ետք Վերապատուլի Յովհաննէս Յովսէփեան  արտասանեց շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթք:

Այնուհետեւ 3 երգերով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս «Նայիրի» երգշախումբը խմբավարութեամբ Տիկ. Նեկտար Փալազեանի: Երգերն էին՝ Աղօթք-Լիբանան-Հայոց Աշխարհ:

Պատուոյ ցանկի մրցանակաբաշխումէն ետք՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկաներուն փոխանցեց սոյն դպրոցական տարեշրջանին՝վարժարանիս ձեռքբերած իրագործումները, մրցանակները եւ յաջողութիւնները՝ կեդրոնանալով վարժարանին ընձեռուած օրհնութիւններուն կարեւորութեան վրայ:

Ապա 6րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Ռոպերթ Առաքելեանի «Գովք Լիբանանի» ասմունքը՝ որմէ ետք վարժարանիս «Հեքեաթ» պարախումբը ներկայացուց լիբանանեան Տապքէ պարը:

6րդ դասարանի աշակերտներէն Սելին Շաննաքեան, Սերժիօ Հապէշեան եւ Կալի Գալուստեան իրենց ուղերձներուն ընդմէջէն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ, ծնողաց եւ վարժարանին իրենց ընծայուած առիթներուն եւ օրհնութիւններուն համար:

Ապա հայկական նազպարով հանդէս եկաւ վարժարանի պարախումբը՝ որմէ ետք 12րդ դասարանի աշակերտներէն Լորա Հերկելեան, Մելիսա Մարտիկեան եւ Թալին Քէնտիրճեան հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներուն միջոցաւ յաջորդաբար արտայայտեցին իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները, գաղուած դասերը եւ  ամոռանալի յիշատակները հուզմունքով եւ երախտագիտութեամբ:

Հայաստանի հանրապետութեան զինանշանի տարբեր մասնիկներու խորհրդանիշերն ու մեկնաբանութիւնները արտասանեցին 12րդ դասարանի աշակերտները՝  որուն ընթացքին անոնք կազմեցին նաեւ Հանրապետութեան զինանշանը:

Այնուհետեւ Վարժարանի աշակերտներէն Նարէ Փիլաւճեան, Սեւատա Անտոնեան եւ Նազանի Ադամեան ներկայացուցին Վարանդի «Արծուակռինչ» ասմունքը մինչ աշակերտներ կազմեցին Սարդարապատի զանգակատան կենդանի պատկերը, որմէ ետք վարժարանիս պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան Ճան» պարը:

Օրուայ բանախօս, Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ՝ Վերապատեուլի  Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն նշեց ուսման կարեւորութիւնը՝ սակայն ան ըսաւ թէ ալ աւելի կարեւոր է զարգացումը որովհետեւ զարգացում կը նշանակէ լուսաւորութիւն եւ լուսաւորութեան պահանջք: Ան շարունակեց ըսելով «Վստահ եմ որ այս սիրելի երկրորդական վարժարանը արդէն ձեզի սորվեցուցած է թէ զարգացում է պէտք մտքի, հոգիի, ճաշակի, մարմինի, կարողութիւններու, զգացումներու եւ փոխ-յարաբերութիւններու:  Այսինքն բոլորս պէտք ունինք լոյսի որպէս զի տեսնենք եւ որպէսզի ուրիշներ ալ տեսնեն:»

Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն ըսաւ «Հիմա դուք շրջանաւարտներ նաեւ լոյսի նման պիտի փայլիք:  Ձեր ճամբան պիտի տեսնէք եւ օգնէք որ ուրիշներ ալ ճամբան տեսնեն:  Այսպէս պէտք է ըլլայ ամէն գիտութեան մէջ եւ ամէն կեանքի պարագայի մէջ:  Պայմանը այն է որ լլոյսի ուղղութեամբ ճիշդ տեղերը գտնուիք:  Շինիչ բարեկամութիւններով, ուղիղ ճամբաներով, սովորութիւններով, որոշումներով: Այլապէս այն լոյսը որ ձեր մէջ դրուեցաւ պահուած պիտի մնայ եւ պահուած լոյսը օգուտ պիտի չ՛ունենայ: Պահուած լոյս հաւասար է մթութեան: Ճրագը չեն վառեր ու դներ տուփի մը տակ որ լոյսին տարածումին արգելք կ’ըլլայ, հապա կը դնեն զայն մոմակալի, կամ բարձր ու յայտնի դիրքի վրայ որպէսզի առանց դժուարութեան իր շրջապատին առաւելագոյն կերպով լոյս տայ:»

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իրեց ծնողները եւ մաղթեց որ անոնք Աստուծոյ լոյսով լեցուին եւ իրենց կարգին լուսաւորեն իրենց շրջապատը:

Բանախօսութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը՝ որուն ընթացքին 18 աշակերտներ 6րդ դասարանէն եւ 11 աշակերտներ 12րդ դասարանէն  ստացան իրենց վկայականները, որմէ ետք 12րդ դասարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին իրենց ծնողներուն՝ փոքր յուշանուէրներով:

Այնուհետեւ՝ Վեր. Րաֆֆի Մըսըրլեան լոյսի ջահը փոխանցեց 6րդ եւ 12րդ դասարանի շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներու՝ որուն ընթացքին Կասիա Պօյաճեան ներկաներուն փոխանցեց արարքին մեկնաբանութիւնը:

Հանդէսը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի Հուսկ Բանքով եւ Վերապատուելի Հայտօսթեանի Օրհնութեան Աղօթքով: