image

Քաթարի իշխանը իր տեղը զիջած է Ֆրանսայի առաջին տիկնոջ. Անդրադարձ

Քաթարի իշխանը իր տեղը զիջած է Ֆրանսայի առաջին տիկնոջ. Անդրադարձ

Ֆրանսական «L’equipe» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր բարձր գնահատած է Քաթարի էմիր շէյխ Թամին Պըն Համատ Ալ Սանիի արարքը:

Թերթին փոխանցմամբ, ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութեան եզրափակիչ խաղի ժամանակ էմիր Թամիմ իր տեղը զիջած է Ֆրանսայի Առաջին Տիկնոջ:

Թերթը նշած է, որ ըստ նախատեսուածին, Քաթարի էմիրը Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին ու Ֆիֆայի նախագահ Ճիանի Ինվանթինոյին հետ առաջին շարքի վրայ պէտք էր նստէր, սակայն ոտքի կանգնելով իր տեղը տրամադրած է տիկին Պրիժիթ Մաքրոնին: