image

Արաբական երկիրներու մէջ ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ կը սահմանէ

Արաբական երկիրներու մէջ ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ կը սահմանէ

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներ աննախադէպ տակ եղանակի ականատես եղան:

Անդրադառնալով Արաբական աշխարհի մէջ տիրող կացութեան, «Lebanon 24» լրատուական կայքը յայտնած է, թէ համարեայ բոլոր երկիրներուն մէջ գրանցուած ջերմաստիճանը բնականէն բարձր եղած է: Օրինակ, 10 յուլիսին Տուպայի մէջ գրանցուած տաքութիւնը հասած է 51.5 աստիճանի, իսկ 4 յուլիսին Իրաքի մէջ 51 աստիճան տաքութիւն գրանցուած է:

Նշուած է նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ օդերեւութաբանական կեդրոնը յայտարարած է, թէ անցնող կիրակի օրը առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5 երկրի արեւելեան շրջաններուն մէջ գրանցուած է 50 աստիճանի հասնող տաքութիւն: