image

Թուրքիա արտադրել սկսած է Hürjet կործանիչը

Թուրքիա արտադրել սկսած է Hürjet կործանիչը

16-22 Յուլիսին թրքական օդանաւաշինական TAI ընկերութիւնը Մեծ Բրիտանիոյ մէջ իրականացուող Ֆարնպորօ միջազգային օդանաւային ցուցահանդէսին առաջին անգամ պիտի ցուցադրէ տեղական արտադրութեան «Հիւրքուշ» (Hürkuş) ուսումնամարտական ինքնաթիռի կործանիչ տարբերակը՝ HÜRJET-ը: Այս մասին կը տեղեկանանք թրքական ընկերութեան ֆէյսպուքեան էջէն:

Թրքական լրատուամիջոցները կը յայտնեն նաեւ, որ TAI ընկերութիւնը կործանիչի առաջին թռիչքը կը նախատեսէ 2023–ին։

Նշենք, որ Hürjet կործանիչի արտադրութեան աշխատանքները սկսած են 2017-ի օգոստոսէն, իսկ ինքնաթիռի նախագծուած տեսքը ընկերութիւնը ներկայացուցած էր արդէն 2017-ի սեպտեմբերին։

Օգոստոս 2017-ին TAI ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Թեմէլ Քոթիլը յայտարարած էր, որ «Հիւրքուշ» ուսումնավարժական օդանաւերու մատակարարումը Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերուն կը նախատեսուի 2018-ի յունիսին, սկիզբը՝ 15 միաւոր։ Ընկերութեան տնօրէնը նշած էր նաեւ, որ դեռ Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան գլխաւոր վարչութիւնը նման ինքնաթիռներ չեն պատուիրած իրենցմէ: