image

Փայլան Թուրքիոյ բոլոր ընդդիմադիրներուն միաւորուելու կոչ ըրաւ

Փայլան Թուրքիոյ բոլոր ընդդիմադիրներուն միաւորուելու կոչ ըրաւ

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանին մէջ Տիգրանակերտը ներկայացնող հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան թրքական «Կազեթատուվար» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ երկրին մէջ իրավիճակը փոխելու համար մեծ պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնեն Թուրքիոյ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը:

«Եթէ չյաղթահարենք այս ազգայնամոլ մթնոլորտը, ապագային շատ դժուար պիտի ըլլայ վիճակը: Ընդդիմադիր հանրապետական եւ «Լաւ» կուսակցութիւններն ալ պէտք է պայքարին երկրին մէջ ազգայնամոլներու յառաջխաղացքը կանխելու համար», ըսած է Փայլան:

Փայլան աւելցուցած է, թէ քրտաբնակ նահանգներուն մէջ քրտամէտ կուսակցութեան ստացած ձայները բաւական մեծ յաջողութիւն են, նկատի ունենալով իշխանութիւններուն գործադրած ճնշումները, որոնք իրականացուեցան շրջանի բնակչութեան վրայ:

«Գիտեմ մարզպետ մը, որ իշխանամէտ կուսակցութիւններէն պատգամաւորներու հետ քարոզչութիւն կը կատարէր իշխանամէտ կուսակցութեան ի նպաստ: Նման մթնոլորտի մը մէջ արձանագրուած ընտրական արդիւնքը ուղղակի հրաշք է», ըսած է հայազգի պատգամաւորը:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցած էին 24 Յունիսին եւ քրտամէտ կուսակցութիւնը՝ ստանալով ձայներու 11.7 տոկոսը, խորհրդարան կրցած էր մուտք գործել իբրեւ երրորդ ամենամեծ կուսակցութիւն: