image

Հալէպ գտնուող ՀՀ բանակի սպաները այցելութիւն տուին Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Հալէպ գտնուող ՀՀ  բանակի սպաները այցելութիւն տուին Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան կողմէ Հայ Բանակի պատուիրակութիւնը եւ ՀՀ Հալէպի արտակարգ եւ լիազօր հիւպատոս Պրն. Արմէն Սարգսեանը, Կիրակի, 8 Յուլիս 2018-ին, պաշտօնական այցելութիւն կատարեցին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին: Անոնք Հալէպ կը գտնուին բարեսիրական ծրագիրներով: Հիւրերը պաշտօնապէս ընդունուեցան Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին կողմէ:

 

Հայկական բանակի ներկայացուցիչները իրազեկ դարձած են Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին կողմէ կատարուած բազմապիսի ընկերային եւ բժշկական ծառայութիւններուն մասին, մասնաւորաբար Սուրիոյ դիմագրաւած անողոք պատերազմի եօթը տարիներուն ընթացքին: Ապա շրջած են Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիի բարեսիրական եւ բժշկական կեդրոնները: Աւարտին՝ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցիէն ներս աղօթքներ բարձրացուցած են Սուրիոյ խաղաղութեան համար: