image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիսի մէջ դանակահարած ու սպաննած են 22-ամեայ հայ երիտասարդը

Թիֆլիսի մէջ դանակահարած ու սպաննած են 22-ամեայ հայ երիտասարդը

Թիֆլիսի մէջ դանակահարած են ազգութեամբ հայ, 22-ամեայ Գէորգ Սարգսեանը, որ հիւանդանոցին մէջ մահացած է։

Rustavi2.ge-ի փոխանցմամբ՝ Գէորգ Սարգսեանին սպանած են իրենց տան մօտ՝ 15 անձէ բաղկացած խումբի անդամներ։

Դանակահարութենէն ետք հարեւաններու կանչով մեկնած շտապօգնութեան մեքենան Գէորգ Սարգսեանին տեղափոխած է հիւանդանոց, ուր Սարգսեանը մահացած է։

Վրացական աղբիւրը ձեռք բերած է տեսախցիկներու արձանագրութիւնները, ուր կ'երեւայ, թէ ինչպէս երկու մեքենայով խումբ մը մարդիկ կու գան Գէորգ Սարգսեանի տան մօտ եւ կը սպասեն անոր։ Հարեւանները անոնց տեսած են, սակայն չեն ճանչցած։

Սարգսեանի ընտանիքի անդամները կասկածներ ունին, որ անոնք հետապնդած են իրենց որդիին։

Ինչ կը վերաբերի գործի հանգամանքները պարզելուն, ապա Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը դեռ պաշտօնապէս չէ անդրադարձած հարցին, հակառակ այն հանգամանքին, որ կայ տեսաձայնագրութիւն։ Բացի այդ, ՆԳՆ-ն դեռ չէ յայտնած՝ կա՞ն կասկածեալներ, թէ՞ ոչ։

Միայն յայտնի է, որ նշանակուած է դիակի դատաբժշկական փորձաքննութիւն։