image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Արտակարգ դրութիւնը պիտի հանուի

Թուրքիա. Արտակարգ դրութիւնը պիտի հանուի

Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութեան ռեժիմը 18 յուլիսին պիտի աւարտի, սակայն ահաբեկչական վտանգի առաջացման պարագային այն կրնայ կրկին սահմանուիլ: РИА Новости-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին տեղեկացուցած է թուրք նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալընը:

Արտակարգ դրութեան ռեժիմը Թուրքիոյ մէջ սահմանուած է 2016-ի յուլիսին՝ երկրի մէջ ռազմական յեղափոխութեան անյաջող փորձէն ետք: Արտակարգ դրութիւնը նախ երեք ամիսով սահմանուած էր, այնուհետ եւ պարբերաբար երկարաձգուած է:

Թրքական ընդդիմութիւնը, ինչպէս նաեւ շարք մը ԵՄ առաջնորդներ քննադատած են արտակարգ դրութեան ռեժիմի շարունակութիւնը, քանի որ այն կը սպառնայ քաղաքացիներու իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն:

«Արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ 18 յուլիս, սակայն թող ոչ ոք չկարծէ, որ ռեժիմի չեղարկումը թուլութեան նշան է կամ խոցելիութեան նոր նշան ահաբեկիչներու համար», - ըսած է Էրտողանի խօսնակը: