image

Հալէպի մէջ նոր հատորի շնորհահանդէս. Ներկայացուած է «Արամ Մանուկեան նամականի» հատորը

Հալէպի մէջ նոր  հատորի շնորհահանդէս. Ներկայացուած է «Արամ  Մանուկեան նամականի» հատորը

«Գանձասար» գրած է, թէ Մայիսեան յաղթանակներու եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն շարքին, հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Հայ երիտասարդաց միութեան, երեքշաբթի, 10 յուլիս 2018-ի երեկոյեան, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտիչ ու հայոց պետականութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի նամակներու ժողովածուին` «Արամ Մանուկեան. Նամականի» հատորին շնորհահանդէսը` պատուոյ ներկայութեամբ եւ մատուցումով հատորի խմբագիր, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի:

 

Պատմաբանը ժողովածուն կազմած է` հաւաքելով Պոսթընի ՀՅԴ արխիւէն Արամ Մանուկեանի եւ անոր ուղղուած մեծ մասամբ անյայտ նամակները` գրուած 1904-1915 թուականներուն:

 

Հանդիսականները շնորհահանդէսի բացումը կատարած են մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով անկախութեան կերտումի ընթացքին ինկած նահատակներուն յիշատակը:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Քարոլին Քիւրքլեան-Արոյեան: Գեղարուեստական բաժինը կ’ընդգրկէր ասմունք` «Արամեան», կատարողութեամբ քերթուածի հեղինակ Յուշիկ Ղազարեանի:  Մեներգ` «Քանքարաւոր ընկեր», կատարողութեամբ Մարիա Չիչեանի:

 

Փաթիլ Գասապեան-Վարդապետեան ներկայացուցած է հատորի խմբագիրին կենսագրականը, ապա պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան հրաւիրուած է բեմ` ներկայացնելու հատորը:

Փամպուքեան ողջունելով ներկաները պարտք զգած է յարգանքի տուրք մատուցել հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան, որ վեց տարիներու ընթացքին դիմագրաւած է ահռելի դժուարութիւններ եւ տուաւ նահատակներ:

 

Փամպուքեան յայտնած է, որ ժողովածուն կ’ամփոփէ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի պայծառ դէմքերէն Արամ Մանուկեանի աւելի քան տասը տարիներու վրայ երկարող (1904-1915) նամակները, նամակներ, որոնք լոյս կը սփռեն եւ կը վկայեն ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ Արամ Մանուկեանի ունեցած բախտորոշ դերակատարութեան մասին: Պրպտումներ կատարուած են հիմնականօրէն ՀՅԴ-ի կեդրոնական արխիւներուն մէջ: Նամակներուն մէջ արձանագրուած վկայութիւնները անկեղծ եւ հարազատ ձեւով  ներկայացուցած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայութեան հետ կապուած դէպքերն ու դէմքերը:

 

Անդրադառնալով Արամի անձնաւորութեան` Փամպուքեան ըսած է, թէ Մանուկեան պատմութեան մէջ առաւելաբար ծանօթ է Վանի ինքնապաշտպանութեան իբրեւ ղեկավար, իբրեւ հայկական բոլոր ուժերը միաւորող, բռունցք կազմող ղեկավար, որ կը պայքարէր պաշտպանելու Վանը եւ փրկելու Վասպուրականի հայութիւնը թուրքերուն հայաջինջ ծրագիրներէն: Ան իր զինուորական եւ կազմակերպական յատուկ տաղանդին շնորհիւ պիտի յաջողէր այս գործին մէջ:

 

Հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի պետական համալսարանին` այս գիրքին հրատարակութիւնը ստանձնելուն համար, դիտել տալով, որ տպագրութիւնը բարձրորակ է, իսկ գիրքը ինքնին իբրեւ սկզբնաղբիւր կրնայ ծառայել գիտաշխատողներուն եւ պատմաբաններուն:

 

Ապա Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան իր սրտի խօսքը արտասանելով բարձրօրէն գնահատած է Երուանդ Փամպուքեանի վաստակն ու մասնագիտական որակը:

 

Տեղի ունեցած է գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը` մասնակցութեամբ հատորի հեղինակ Երուանդ Փամպուքեանի, Հալէպի մէջ Հայաստանի  Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի, Ազգային երեսփոխանական ժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Եիւզպաշեանի եւ Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի:

 

Աւարտին գիրքէն օրինակներ տրամադրուած են ներկաներուն. հասոյթը, հեղինակին փափաքին համաձայն, յատկացուած է Հայ դատի ֆոնտին:

Լուրը ՝ «Ազդակ»էն