image

Պիտի վերաբացուի Սուրիա-Լիբանան երկաթուղիի գիծը

Պիտի  վերաբացուի Սուրիա-Լիբանան երկաթուղիի  գիծը

Լիբանանեան անգլալեզու «Daily Star» թերթին փոխանցմամբ, չինական ընկերութիւն մը պատրաստակամութիւն յայտնած է հովանաւորել Թրիփոլիէն մինչեւ Սուրիա-Լիբանան սահմանը երկարող երկաթուղիի վերակառուցման աշխատանքները:

 

Չին-արաբական մշակութային եւ առեւտրային համագործակցութեան միութեան նախագահ Էլիանա Իպրահիմ յայտնած է, որ տակաւին ժամանակը չէ հասած նուազուրդին յաղթած ընկերութեան անունը հրապարակելու:

 

Այս առթիւ թերթը բարձր գնահատած է Տնտեսութեան նախարար Ռայէտ Խուրիի նպաստը երկրի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ, եւ անոր մասնակցութիւնը չին-արաբական համագործակցութեան ֆորումին, որուն ընթացքին Չինաստան 91 միլիոն տոլարի մարդասիրական օգնութիւններ տրամադրեց Սուրիոյ, Լիբանանին, Եմէնին եւ Յորդանանին: