image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա. Ձերբակալուած է յայտնի քարոզիչ Ատնան Օքթարը

Թուրքիա. Ձերբակալուած  է յայտնի քարոզիչ Ատնան Օքթարը

Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է յայտնի իսլամիսթ քարոզիչ Ատնան Օքթարը, կը յայտնէ Anadolu գործակալութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ անվտանգութեան ուժերը կը շարունակեն Օկթարի խմբաւորման գործունէութեան ներգրաւուած 235 մարդու ձերբակալութեան գործողութիւնը:

Գործողութիւնը, որ կ'իրականացնէ Պոլսոյ ոստիկանութեան ֆինանսական հանցագործութիւններու դէմ պայքարի բաժինը, կ'իրականացուի Թուրքիոյ հինգ շրջաններուն մէջ:

Խմբաւորման անդամները կը մեղադրուին յանցաւոր կազմակերպութեան ստեղծման, երեխաներու նկատմամբ սեռական բռնութեան, սեռական ոտնձգութիւններու, անչափահասներու հետ սեռական կապերու, երեխաներու առեւանգումներու, բռնաբարութիւններու, մարդոց անօրինական ազատազրկման, ռազմական եւ քաղաքական լրտեսութեան, մարդոց կրօնական համոզմունքներու եւ զգացմունքներու օգտագործման միջոցով խարդախութեան, մասնաւոր կեանքի անձեռնմխելիութեան, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մասին օրէնքը խախտելու եւ շարք մը այլ յանցագործութիւններու համար:



Հարուն Եահիա կեղծանունով յայտնի Օքթարը կեղծագիտական ուղղվածութեան թուրք գրող է, 76 լեզուներով թարգմանուած քաղաքական, կրօնական եւ գիտահանրամատչելի խնդիրներու վերաբերեալ աւելի քան 300 գիրքի հեղինակ: