image
Հրատապ լուրեր:

Ազրպէյճան մտած հայազգի պլոկըրը սպառնալիքներու տա՞կ

Ազրպէյճան մտած հայազգի պլոկըրը սպառնալիքներու տա՞կ

Ատրպէյճան այցելած հայկական արմատներով պլոկըր Վլատը, որ մէկ շաբաթ առաջ իր էջին վրայ տեսանիւթ հրապարակած էր Ատրպէյճան կատարած այցին վերաբերեալ, յայտնած է, որ սպառնալիքներ կը ստանայ: Այս մասին, youtube-ի իր էջին վրայ տեղադրած տեսաուղերձին միջոցով կը յայտնէ պլոկըրը:

Պելառուսական անձնագիրով Ատրպէյճան անցած հայկական արմատներով պլոկըրը խնդրած է տարածել տեսանիւթը եւ այդպիսով օգնել իրեն:

«Ինչպէս կը սպասուէր, իրավիճակը անկայուն է: Տարածեցէք տեսանիւթը, տարածեցէք իմ մասին տեղեկութիւն: Միայն այդ ճանապարհով ես կը կարենամ անվտանգ ըլլալ»,- նշած է ան:

Վլատ նշած է նաեւ, որ կը փափաքի, որ պարզ ըլլայ իր այցին նպատակը Ատրպէյճան:

Ան գրած է, որ ինքը Ատրպէյճան այցելած է խաղաղ, զբօսաշրջութեան նպատակով եւ որ իր հրապարակած տեսանիւթին նպատակը եղած է խաղաղ:

«Իմ հասցէին համացանցի վրայ ամէնաշատ հնչող մեղադրանքը այն է, որ իմ հրապարակած տեսանիւթը ունի սադրիչ նպատակ եւ որ ատրպէյճանցիները վարկաբեկելու համար երկիր մը ինծի գումար տուած է»,- ըսած է պոկըրը:

«Ես Ատրպէյճան խաղաղութեամբ այցելած եմ, ինչպէս եւ կ՝այցելեմ այլ երկիրներ: Տեսանիւթին մէջ նշած եմ, որ նպատակը մարդոց ցոյց տալն է Ատրպէյճանը այնպէս, ինչպէս կայ: Տեսանիւթին մէջ հրապարակած եմ մարդիկ, որոնք ինծի կացարան տուած են, հաց տուած են, օգնած են ճանապարհ անցնելու, սակայն բոլորը այդ տեսանիւթին մէջ միայն բացասականը տեսան»,- աւելցուցած է ան:

Պլոկըր Վլատ յայտարարած է, որ ինքը զուտ էջատէր է եւ տեսանիւթերը կը նկարէ միայն իր ալիքին համար:

«Ես 23 տարեկան տղայ եմ տեսախցիկով, ո՛չ աւելին, երբեք առաջարկ չեմ ստացած որեւէ բան գնելու կամ վաճառելու համար»,- ըսած է ան:

Էջատէրը ընդգծած է նաեւ, որ զբօսաշրջիկի հանդէպ այն թշնամանքն ու հակակրանքը, որուն ականատես եղած է Ատրպէյճանի մէջ, չէ տեսած որեւէ այլ երկրի մէջ, եւ բնական է, որ ինքը նման արձագանգ տուած է այդ ամէնուն:

«Քաղաքական հետապնդման կ՝ենթարկուի մարդ մը, որ երբեք կապ չէ ունեցած քաղաքականութեան հետ: Հետապնդումը կ՝իրականացուի տարածաշրջան մը այցելերու համար, որուն կարգավիճակի հարցով չեն կրնար համաձայնութեան գալ նոյնինքն քաղաքական գործիչները»,- ըսած է պլոկըրը՝ նշելով, որ իրեն հանդէպ իրականացուող հետապնդումները անօրինական են: