image

Լիբանանցի կինը բանտարկութեան պատիժ պիտի կրէ Եգիպտոսի մէջ. Պատճա՞ռը

Լիբանանցի կինը բանտարկութեան պատիժ պիտի կրէ Եգիպտոսի մէջ. Պատճա՞ռը

Օրերս Ֆէյսպուքի էջերուն բուռն կերպով կը քննարկուի Եգիպտոսի նկատմամբ վիրաւորական պահուածք դրսեւորելու մէջ մեղադրուող լիբանանցի Մունայի հարցը:

«Ալ Արապիա» լրատուական կայանին հետ զրոյցի ժամանակ Մունայի հայրը՝ Ալի պատմած է, որ իր դուստրը անսահման մեծ սէր կը տածէ Եգիպտոսի նկատմամբ: Ան երկրորդ անգամ է, որ կ'այցելէր Գահիրէն, եւ իր կողմէ տեսագրուած երիզը, որուն պատճառով ալ 8 տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ եգիպտական իշխանութիւններու կողմէ, երբեք չի բխիր անոր էութենէն, որովհետեւ Մունա շատ հանդարտ եւ հանդուրժողականութեամբ օժտուած աղջիկ է, սակայն միաժամանակ կը տառապի առողջական ծանր եւ բարդ խնդիրներէ:

Մունայի հայրը նշած է նաեւ, որ իր դուստրը 12 տարի առաջ ուղեղի բարդ վիրահատութեան ենթարկուած է, որուն հետեւանքով ալ յաճախ դժուար պահեր կ'ապրի եւ ջղային վիճակի կը մատնուի, որ կրնայ մէկ շաբաթէն 10 օր տեւել: Այդ օրերու ընթացքին Մունա անկարող կ'ըլլայ տիրապետել ինք իր արարքներուն, եւ չի գիտակցիր, թէ ինչ կ'ընէ կամ կը խօսի: