image

Դժբախտ պատահար. Մահացած է Պէյրութ-Հալէպ ճանապարհին արկածի ենթարկուած Ճոնի Սըմաան

Դժբախտ պատահար. Մահացած է Պէյրութ-Հալէպ  ճանապարհին արկածի ենթարկուած Ճոնի Սըմաան

Երէկ՝ 5 յուլիսին, Պէյրութէն Հալէպ վերադարձի ճանապարհին, ինքնաշարժի ծանր արկածի մը զոհ գացած է սուրիացի 42 ամեայ Ճոնի Սըմաանը։ Այս մասին «Արեւելք»ին փոխանցեց Պէյրութի մեր աղբիւրը:

Աղբիւրի համաձայն, Հալէպի մէջ այսօր տեղի պիտի ունեանայ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Նշենք, որ հանգուցեալը Հալէպէն Լիբանան ժամանած եւ Պուրճ Համուտի մէջ հայ գործընկերոջ  Ճորճ Սարգիսի հետ «Նոյ» ճաշարանը հիմնած էր: Անոնց հիմնած ճաշարանը դարձած էր ընտանեկան եւ ընկերական հաւաքներու ջերմ միջավայր մը։

Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հանգուցեալը ընտանեկան այցելութեան մը համար Հալէպ կը վերադառնար եւ զոհ գնաց ինքնաշարժի ծանր արկածի մը։