image

Ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու պատրիարքները միասնաբար այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու պատրիարքները միասնաբար այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Երէկ՝ Ուրբաթ, 22 Յունիս 2018-ի երեկոյեան, ղպտի եկեղեցւոյ պետ ՝ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. եւ ասորի եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Մար Աֆրամ Բ. պատրիարքները, իրենց ընկերակցող եպիսկոպոսներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, շրջապատուած միաբան հայրերով, ընդունեց այցելութիւնը երկու հոգեւոր պետերուն։

 

Երեք հոգեւոր պետերը նախ ուղղուեցան Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորան, ուր միասնաբար աղօթեցին եւ միաբանութիւնը երգեց «Տէրունական Աղօթք»ը եւ ապա «Ուրախ լեր» երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի Նահատակաց հրապարակ եւ յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղեցին։

 

Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ ողջունեց իրենց ներկայութիւնը, որմէ ետք երկու պատրիարքները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ անգամ մը եւս կը գտնուին Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս։ Ապա, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որու ընթացքին Հայրապետը երկու պատրիարքներուն յուշանուէր յանձնեց՝ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ը, որ ամէնէն հին ձեռագիրին յատուկ կերպով պատրաստուած կրկնօրինակն է։

 

Նշենք, որ յիշեալ այցելութիւնը առիթ մը եղաւ դաւանակից երեք եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութիւնը վերահաստատելու։