image
Հրատապ լուրեր:

«Եթէ Իտլիպը հարուածէք ... Մենք կը քաշուինք». Չաւուշօղլու

«Եթէ Իտլիպը հարուածէք ... Մենք կը քաշուինք». Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ եթէ Սուրիոյ իշխանական ուժերը յարձակում գործեն Իտլիպի վրայ՝ Թուրքիան պիտի լքէ Ասդանայի մէջ Սուրիոյ հիմնախնդրի շուրջ բանակցային գործընթացը, կը գրէ «Birgün» պարբերականը։


«Եթէ ռեժիմը հարուածէ Իտլիպը՝ մենք կը լքենք Ասդանայի բանակցային գործընթացը։ Իրանը եւ Ռուսաստանը արդէն զգուշացուցած ենք այդ մասին»,- ըսած է Չաւուշօղլուն։

Իտլիպի մէջ գլխաւորապէս կեդրոնացած են զինուած ընդդիմադիր եւ ճիհատական խմբաւորումները, որոնց մեծ մասը կը վայելէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը։

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարը խօսած է նաեւ Մընպէճի մասին՝ հաւաստիացնելով, որ քիւրտ զինեալները 8 յուլիսէն պէտք է սկսին դուրս գալ տարածքէն։

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ թրքական ԶՈւ-ն անցած է սուրիական Մընպէճին հետ կապուած՝ ԱՄՆ-ի հետ համաձայնեցուած գործողութիւններու իրականացման։

Աւելի վաղ սուրիական Մընպէճին մէջ համատեղ գործողութիւններու ծրագրի շուրջ աշխատող թուրք-ամերիկեան աշխատանքային խումբը վերջնական համաձայնութեան եկած է «ճանապարհային քարտէզի» վերաբերեալ ու համաձայնած՝  համապատասխան փաստաթուղթն ուղղել երկու երկիրներու պետական բարձր մարմիններուն։