image

Հրապարակուած է հայազգի լուսանկարիչ Ֆէպուս Էֆէնտիի յուշերը

Հրապարակուած է հայազգի լուսանկարիչ Ֆէպուս Էֆէնտիի  յուշերը

Թուրք գրագէտ Իւմիտ Եիւքսէլ, «Թիւրքիյէ» թերթին մէջ հրապարակած է Օսմանեան Պալատի հայ լուսանկարիչ Ֆէպուս Էֆէնտիի (Պօղոս Թարքուլեան) յուշերը: Օսմանեան շրջանի արքունի լուսանկարիչ Ֆէպուս 23 տարի շարունակ պալատին լուսանկարիչը եղած է:

Իւմիտ Եիւքսէլ, իր ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ լոյս աշխարհ բերած է Ֆէպուսի յուշերը, պատմելով թէ Օսմանեան թագաւորներ ինչ վերաբերմունք ցոյց կու տային լուսանկարիչներուն, երբ լուսանկարուիլ ուզէին:

 

Ֆէպուս Էֆէնտի պատմած է իր ապրումները, Սուլթան Վահտէտտինի սուր կրելու հանդիսութիւնը լուսանկարելու ընթացքին: Ֆէպուս, Սուլթանին ըսած է. «Եթէ արտօնէք հիմա պիտի լուսանկարեմ»: Սուլթանը յանկարծ գլուխը դարձուցած է եւ ըսած. «Կեցէ՛ք, քովէն քաշուած լուսանկար թող ըլլայ»:

Արքունի լուսանկարիչ Ֆէպուս Սուլթան Ապտիւլմէճիտի մասին ալ այս յիշատակը պատմած է.« Ապտիւլմէճիտ շատ բծախնդիր էր: Լուսանկարի գործիքին դիմաց երկար ու երկար ձեւ կը փոխէր: «Այսպէ՞ս կենամ, թէ՞ այնպէս»,-կ'ըսէր:

Իւմիտ Եիւքսէլ կը գրէ, որ լուսանկարիչ Ֆէպուս Պալատի կիները երբեք չէ լուսանկարած: Ան պալատ հրաւիրուած է միայն Էնվէր փաշայի հարսանեկան արարողութիւնը լուսանկարելու: