image

Յունաստան, Կիպրոս եւ Իսրայէլ ընդդէմ Թուրքիո՞յ

Յունաստան, Կիպրոս   եւ Իսրայէլ ընդդէմ Թուրքիո՞յ

Իսրայէլի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարները 22 յունիսն հանդիպում պիտի ունենան Կիպրոսի մէջ։ Նախարարները պիտի քննարկեն տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման, ծովային եւ ուժանիւթային անվտանգութեան խթանման հարցերը։ Կողմերն աւելի վաղ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էին նաեւ բնական կազի հարցով համագործակցելու շուրջ:

Յունաստանի պաշտպանութեան նախարար Փանոս Քամմենոսը եւ անոր իսրայէլցի պաշտօնակից Ավիկտոր Լիպըրմըն Կիպրոս պիտի այցելեն։ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սավվաս Անկելիտասը նշած է, որ եռակողմ հանդիպման ընթացքին պիտի կքննարկուին տարածաշրջանային անվտանգութեան, ռազմական համագործակցութեան խորացման, համացանցային անվտանգութեան եւ որոնողափրկարարական աշխատանքներու ոլորտի համագործակցութեանն առնչուող հարցեր։ Նախարարն ընդգծած է, որ իրենք եռակողմ հանդիպման մեծ կարեւորութիւն կու տան, քանի որ այն պիտի ընդգրկէ ամբողջ միջերկրածովեան տարածաշրջանին վերաբերող անվտանգութեան հարցեր։

Թեմային անդրադարձած թրքական լրատուամիջոցները Յունաստանի, Իսրայէլի եւ Կիպրոսի այս նախաձեռնութիւնը որակած են որպէս հակաթրքական քայլ։